2016-04-06 10:17:00

Իրաքի եպիսկոպոսներու կոչը` քրիստոնեաները պէտք են մաս կազմել նոր կառավարութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Իրաքի Քաղդէացի եպիսկոպոսները, երկուշաբթի 4 ապրիլին, խորհրդաժողով գումարեցին, Պատրիարք Սաքոյի գլխաւորութեամբ, սերտելու համար երկրին ու Միջին Արեւելքի իրավիճակը։ Ժողովին աւարտին եպիսկոպոսները կոչ ուղղեցին դիւանագէտ քրիստոնեաներուն, խթանելով զանոնք` մաս կազմելու երկրի քաղաքական կեանքին ու գործօն մասնակցութիւն բերելու նոր կառավարութեան կազմութեան, ինչպէս նաեւ` հպարտութեամբ մասնակցելու բանակին` ծայրայեղ մահմետականներու դէմ մղած, երկրի ազատագրումի պայքարին։

Եպիսկոպոսները նոյնպէս զգուշացուցին քրիստոնեաները ձախաւեր ձայներէն, որոնք կ՛աշխատին քաջալերել զանոնք հեռանալու երկրէն։

Իրաքի Քաղդէացի եպիսկոպոսները իրենց այս կոչով իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին Իրաքի բանակին ՏԱՀԵՇին դէմ իրականացուցած յաղթանակներուն։ Անոնք հուսկ կոչ ուղղեցին իսլամական իշխանութեան, հրաժարելու առանձնաշնորհումներէն ու անձնական շահերէն, որպէսզի -  յայտնեցին անոնք -  ''միասնաբար կարողանանք սատարել երկրին կայունութեան ու անվտանգութեան, ամրապնդելով բոլոր քաղաքացիներուն մարդկային իրաւունքը''։

Ասիկա ստոյգ պայմանն է հասնելու ազգային հաշտութեան հաստատեցին Իրաքի Քաղդէացի եպիսկոպոսները իրենց ուղղած կոչին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.